2014-04-06 12:12:50

''Աստուածային ողորմութիւնը անսահման է''` ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին։


Կիրակի, 6 ապրիլ, կէսօրին` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն սկիզբը խորհրդածութիւն մը ներկայացուց քաղուած օրուան սուրբ գրային ընթերցումէն ուր կը խօսուի Ղազարոսի յարութեան մասին։

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր – ըսաւ Քահանայապետը – քառասնորդացի այս հինգերորդ Կիրակին նուիրուած է Ղազարոսի յարութեան դէպքին, որ է Յիսուսի կատարած ''նշաններու'' գագաթնակէտը որուն հետեւանքով ժողովարանի քահանայապետները որոշեցին Յիսուսը սպաննել։
Յիսուս Ղազարոսի գերեզմանատան առջեւ կենալով բարձր ձայնով գոչեց` ''Ղազարոս ե՛լ եւ դուրս եկուր''։ Մեռեալը ելաւ, ձեռքերն ու ոտքերը կապուած էին երիզներով, իսկ դէմքը` փաթթուած վարշամակով''։
Յիսուսի հրամայական այս կոչը – յարեց Սրբազան Հայրը- ուղղուած է ամէն մէկ անհատի, որովհետեւ ամէնքս յատկանշուած ենք մահուամբ։ Այդ կոչը ձայնն է Անոր որ կեանքի Տէրն եւ կ՛ուզէ որ բոլորս զայն ունենանք առատութեամբ։ Յիսուս մեզ բոլորս կը կանչէ դուրս գալու խաւարէն եւ մեղքէն ու մեզ կը հրաւիրէ կեանքին, հաստատեց Սրբազան Հայրը, հրաւիրելով հաւատացեալները թոյլ ձեռբազատուելու հպարտութեան երիզներէն։ Մեր Յարութիւնը կը սկսի այստեղէն – ըսաւ Ան - այն ժամանակ որ կ՛որոշենք հնազանդիլ Յիսուսի հրամանին դուրս գալով` դէպի լոյս եւ դէպի կեանք։
Ղազարոսի յարութիւնը մեզի ցոյց կու տայ թէ ուր կրնայ հասնիլ Աստուծոյ շնորհքի ուժը։ Բոլորին պարգեւուած Աստուածային ողորմութիւնը անսահամն է։Տէրը միշտ պատրաստ է տապալելու մեր մեղքերու գերեզմնաքարը որ մեզ կը բաժնէ իրմէ որ է կենդանարար լոյս։








All the contents on this site are copyrighted ©.